2017-03-22 09:06:00

Միջինք` Չորեքշաբթի 22 Մարտին հայոց մօտ Միջինք է


(Ռատիօ Վատիկան) Մեծ Պահոց ճիշդ կէսը յատկանշող օրը կը կոչուի ՄԻՋԻՆՔ։ Կը նշուի Մեծ Պահքի 24-րդ օրը, այսինքն Դ. շաբթուան Չորեքշաբթի օրը։
Միջինքը, զգաստութեան ու ժուժկալ կեանք թելադրող կրօնական ամենաերկար պահեցողութեան՝ Մեծ Պահքին, կէս ժամանակաշրջանը նուաճած ըլլալու աւետումն է, որ իբր այդ կը նկատուի նաեւ ''Խնդութեան առիթ''։
Նշենք թէ՝ յատուկ նշանակութեամբ կրօնական տօն մը չէ, առաւելաբար ժողովրդական համախմբումի մը առիթ է, կորով եւ բարոյական քաջալերանք ներշնչելու հաւատացեալներուն , որպէսզի անոնք ՜՜իմաստալից պահեցողութիւնը՝՝ նոյն ոգիով շարունակեն երկրորդ կիսուն եւս, մինչեւ պահքի լրումը՝ կամ Ս. Զատիկը։
Աւելցնենք նաեւ՝ որ Միջինքը նշելու կրօնական յատուկ արարողութիւններ չկան. համապատասխան Չորեքշաբթեան արարողութիւնները նոյնն են. Արեւագալի ժամերգութիւնը եւ հրաժարման ու խոստովանանքի արարողութիւնները... միակ յատկանշականը այն է որ աւելի հանդիսաւորութեամբ ու ճոխ խումբերով կը կատարուին երգեցողութիւնները։
Միջինքի օրուան համար հայերս ունինք յատուկ աւանդութիւններ.
Յետ եկեղեցական արարողութեանց կը կազմակերպուին հաւաքոյթներ, մեծ պահոց յատուկ ուտելիքներով հայկական սեղանները, վկայութիւններ են հայ կնոջ կողմէ ցուցաբերուած նախանձախնդրութեան եւ յարատեւող կամքին։
Տուներու մէջ կը պատրաստուին Միջինքի բաղարջ հաց, կարկանդակ եւ ''կուտապ''։
Հացին մէջ ընդհանրապէս կը պահուի մանր երկաթեայ դրամ մը. հաւաքոյթին ընթացքին երբ հացը մաս առ մաս կը բաժնուի , բոլորին ուշադրութիւնը կը սրուի գտնելու տարուան բախտաւորը, այս պարագային այն՝ որուն բաղարջահացի մասէն դուրս պիտի գայ պահուած դրամը...կամ գունաւոր ուլունք մը ..
Ի դէպ, Կուտապը պահեցողութեան տեսակ մը հացեղէն է , որուն խմորը կը պատրաստուի ձէթով... ներփակեալ խաշած լուբիա, բակլայ կամ այլ բանջարեղէններ։ 
Ընտանեկան պայմաններու մէջ, սովորութիւն եղած է, որ նշանուած տղաք կամ տղուն ընտանեկան պարագաները նուէրներ ղրկեն հարսնցուին.. այսպէսով կ՝օգնեն ամբողջացնելու հարսին օժիտը։
Հայրենի գիւղերու մէջ, սովորութիւն եղած է որ տարին անգամ մը Միջինքին, աղջիկներ եւ նորահարսեր ազատ ազատ ձգուին, անոնք եփած կուտապը առած ընկերուհիներուն հետ բացատ մը հաճելի ժամանակ կ՝անցնեն զրոյցներով, երգերով ու պարերով, հեռու տարիքոտ կիներու կամ կեսուրներու հսկողութենէն... առիթ է նաեւ իրարու գաղտնիքներ փոխանակելու ու խրատներ կամ յուսալից խօսքեր ստանալու....








All the contents on this site are copyrighted ©.